2014-05-23 12:26:15

Հայր Մարիօ Վէրկարա եւ կրօնի դասատու` Իզիտորօ Նճէի Քօ Լաթի Երանացման արարողութիւնը։


Շաբաթ, 24 մայիսին, երեկոյեան ժամը 6,00- ին, Ֆրանսայի Աւերսա քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարտինալ
Անճէլօ Ամաթօն կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին երանելի կը հռչակէ՝ Քահանայապետական միսիոնարներու հաստատութեան անդամ՝ Հայր Մարիօ Վէրկարան եւ կրօնի դասատու ՝ Իզիտորօ Նճէի Քօ Լաթին։
Հայր Մարիօ Վէրկարա ծնած է Իտալիոյ Նափոլի քաղաքը, 18 նոյեմբեր 1910- ին, աղքատ եւ բազմանդամ ընտանիքի մը յարկին տակ։
Ան մղուած իր միսիոնարական կոչումէն, 19 տարեկանին, կ՛անդամակցի Քահանայապետական միսիոնարական հաստատութեան։
Հայր Վէրկարա Քահանայ ձեռնադրուելէ ետք՝ որպէս միսիոնաւոր կ'ուղարկուի Պիրմանիա` 1934 թուականին, եւ հոն՝ զանազան ցեղային լեզուներու տիրապետելէ ետք կը ստանցնէ Սոքու ցեղի պատկանող 29 գիւղերու հովուական առաքելութիւնը։ Հայր Մարիօ Վէրկարա միսիոնարական կեանքին ընթացքին սիրուած էր անխտիր բոլորին կողմէ եւ յատուկ սէր ունեցած է տկարներու եւ հիւանդներու հանդէպ։
24 մայիս 1950-ին, Հայր Մարիօ Վէրկարա, միսիոնարական առաքելութեան մը ընթացքին, ընկերակցութեամբ կրօնի դասատու Իզիտորօ Նճէի Քօ Լաթի կը ձեռբակալուի կառավարական մարդոց կողմէ, լրտեսութեան մեղադրանքով։
25 մայիս 1950-ին, երկու միսիոնարները, տանջանքներու ենթարկուելէ ետք, կը սպաննուին ու անոնց դիակները կը նետուին գետի մը մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.